Բազմալեզու Ցանցեր՝ Մեղսակցութիւն եւ Դաւակցութիւն Ֆիլմի Թարգմանութեան մէջ
ԾՐԱԳՐ

Պատկեր մը «Պատմուածքներ Երկու Անձերու Մասին, Որոնք Երազեցին»-էն (2016),
Անտրէա Պուսմանն եւ Նիքոլա Բերետա
Պատմուածքներ Երկու Անձերու Մասին, Որոնք Երազեցին | Անտրէա Պուսմաննի եւ Նիքոլա Բերետայի
2016 | Քանատա, Մեքսիքօ | 82’ | հունգարերէն, անգլերէն ենթագրութեամբ | 13-05-2025 19:30
Ստեղծաբանութեան եւ վաւերագրականին միջեւ տատանելով, «Պատմուածքներ երկու անձերու մասին, որոնք երազեցին» ֆիլմը կը ներկայացնէ ապաստարան փնտռող հունգարացի գնչու գաղթական ընտանիք մը, որ Թորոնթօ կ՚ապրի, բնակարանային համալիրի մը մէջ։ Ֆիլմը կ՚ուղեկցի անոնց սովորական առօրեային եւ կը նետուի կերպարներուն յոյսերուն եւ երազանքներուն մէջ։ Հետեւելով ընտանիքի տարբեր անդամներուն, ֆիլմը կը հաղորդէ տեղահանման եւ խզման ազդեցութիւնները՝ օտար տարածքի մը մէջ համայնքի զգացողութիւն ստեղծելու անոնց յոյսին վրայ։
Ցուցադրութեան աւարտին՝ Նուր Ուայտայի (ծրագրի համադրող) եւ Ռամի Սապպաղի (Տաուաուին) հետ զրոյց

Պատկեր մը «جٌرِن أٌوكّرِيد [Պէյրութի տարբերակ]»-էն (2025), Ֆիլիփ Ռզք
Մանիշակագոյն, Թարգմանութեան Մէջ Մարմիններ | Ճօ Նաամէի
2017 | Լիբանան | 20’ | անգլերէն, արաբերէն ենթագիրներով | 14-05-2025 19:30
«Մանիշակագոյն, Թարգմանութեան Մէջ Մարմիններ» ֆիլմին մէջ, պատկերը կը սահմանուի լսուածով՝ պատմութիւններէ, ոտանաւորներէ եւ երգերէ նմուշ առնուած թելերով իրարու հիւսուած ենթագրուած ձայներով, բոլորն ալ մանիշակագոյն քերթողականութեան մասին արտայայտուելով իբրեւ զգացմունք։ Ֆիլմին հիմքը կը կազմեն Լինա Մունզերի եւ Ստեֆան Թառնովսքիի հեղինակութեամբ երկու գրութիւններ։ Անոնք Սուրիոյ պատերազմի վերապրողներէն վկայութիւններ եւ տեսանիւթեր թարգմանած են եւ այս գրութիւններուն մէջ կը խօսին ենթագրութեան համար իրենց կատարած թարգմանական աշխատանքին բարդութիւններու եւ թարգմանութեան ակտին մասին որպէս ներանձնականացած գործընթացք։
جٌرِن أٌوكّرِيد [Հողի Ունկնդրութիւն, Պէյրութի տարբերակ] | Ֆիլիփ Ռզքի
2025 | Եգիպտական Նուպիա | 11’ | ֆատիժժա/մահասի նուպիերէն, արաբերէն թարգմանութեամբ | 14-05-2025 19:30
«Հողի ունկնդրութիւն» (Պէյրութի տարբերակ) կարճամեթրաժ ֆիլմը լուսարձակի տակ կ՚առնէ Գետի մարդիկը, որոնք կը պատկանին տիեզերաբանութեան մը, որ կը պարփակէ տարբեր տիպի էակներու միջեւ յարաբերութիւններ։ Ջրարգելներու կառուցումէն ի վեր, հասնելով 1964 թուականի «Ասուան բարձր ամբարտակ»-ի շինութեան եւ, որուն հետեւանքով, նուպիական համայնքներու՝ իրենց հայրենական հողերէն տեղահանութեան եւ Նեղոս գետին հետ իրենց սերտ կապին խզման, այս պատումները սկսած են մարիլ։ Պիտի արտօնե՞նք, որ անոնք սպառին։
Փինոշէի կիները | Էտուարտօ Մենզի
2004 | Քանատա | 12’ | սպաներէն, անգլերէն ենթագրութեամբ | 14-05-2025 19:30
Անձնական՝ բայց միաժամանակ քաղաքական տեսանիւթ մը, «Փինոշէի կիները» կը փորձէ ցոյց տալ աւելի քան յայտնին։ Գողութեան եւ վայրագութեան զգացումներ, ճշմարտութիւն եւ գեղեցկութիւն, ազգայնութիւն եւ յիշողութիւն կեանքի կը կոչուին, որպէսզի հանդիսատեսին փորձառութիւն մը մատակարարեն՝ մինչ անոնք կը հրաւիրուին դերերու խաղարկութեան՝ գրութեան կրկնուող կիրառման եւ փոփոխութեան ճամբով։ Վիտէոն կը քննէ դասակարգային կառուցուածքը, գեղեցկութեան իմաստն ու մոռցուած պատմութիւնը՝ երկու շատ տարբեր, բայց յատկանշական կիներու ընմէջէն, Փինոշէի դաժան ռեժիմի ժամանակ, 1980-ականներու աւարտին։
Տրէյ Աթլաս [Երեք Ատլաս] | Միրիամ Շարլի
2018 | Հայիթի, Գանատա | 7’ | գերմաներէն եւ քրէոլերէն, անգլերէն ենթագրութեամբ | 14-05-2025 19:30
Սպասաւոր մը կասկածանքի տակ է իր նախկին գործատիրոջ սպաննութեան մեղադրանքով։ Ոստիկանութեան կողմէն հարցաքննութեան ընթացքին, ան երեւան պիտի հանէ գերբնական ուժի մը գոյութիւնը։
Ցուցադրութեան աւարտին՝ առցանց զրոյց Ֆիլիփ Ռզքին հետ

Պատկեր մը «Փինոշէի կիները»-էն (2004), Էտուարտօ Մենզ
Դաւադրութիւններ եւ Դաւակցութիւններ. լեզուի, թարգմանութեան, մատչելիութեան եւ շրջառութեան մասին զրոյց | 15-05-2025 17:00
Գրութիւններու, ձայներու եւ պատկերներու թարգմանութիւնը, տարբեր լեզուներու եւ երկրամասերու մէջ, պատուհաններ կը բանայ գրական, լուսանկարչական եւ սենեմայական եղանակներու հետ ներգրաւման համար։ Թարգմանութիւնը կ՚արտօնէ շրջանառութիւնը՝ մատչելութիւն կ՚ապահովէ ե՛րբ եւ ո՛ւր, որ մատչելիութեան կարիքը ըլլայ։ Ան նաեւ ունի իշխանութիւն պայմանաւորելու այդ մատչելիութիւնը, ձեւաւորելու եւ նոյնիսկ մերժելու զայն։ Այս զրոյցը ի մի պիտի բերէ հետազօտողներ, թարգմանիչներ, ֆիլմի գործիչներ, արուեստագէտներ եւ ֆիլմաշխատողներ՝ խօսելու համար այս ծրագրին մէջ իրենց գործակցութեան մասին եւ իրենց կատարած գործին թարգմանական եղանակին մասին։
Մալաք Մրուուէ (ՊԱՀ), Սառա Սահնաուի եւ Ռամի էլ Սապպաղ (Տաուաուին), Անայիս Ֆարին (հետազօտող եւ ֆիլմաշխատող), Վարդան Աւագեան եւ Հիւսէյն Նասրըտտին (արուեստագէտներ), Արազ Գոճայեան (հետազօտող), զրուցավար՝ Նուր Ուայտա (ծրագրի համադրող)
Սայաթ Նովա [Նռան գոյնը | Սերգէյ Փարաճանովի
1969 | Խորհրդային Միութիւն | 76’ | հայերէն, արաբերէն ենթագիրներով | 15-05-2025 19:30
Ֆիլմը նկարագրութիւնն է 18-րդ դարու հայ բանաստեղծ եւ երաժիշտ Սայաթ Նովայի՝ Երգի արքայի։ Իր բանաստեղծութեան եւ շարք մը շքեղ կենդանի պատկերներու ճամբով, ֆիլմը կը նկարագրէ Սայաթ Նովայի կեանքը՝ համեստ ջուլհակէ մը արքունի աշուղի ու վանաբնակ քահանայի մը՝ նախքան իր նահատակութիւնը, պարսից արշաւանքի հետեւանքով։
Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի այս ծրագիրին ծիրին մէջ Վարդան Աւագեանի եւ Հիւսէյն Նասրըտտինի կողմէ արաբերէն թարգմանութեամբ։
«Սայաթ Նովա» ֆիլմը վերականգնած է «Սինեթեքա տի Պոլոնիա» / «Լիմաժին Ռիթրովաթա» տարրալուծարանի եւ «Տը Ֆիլմ Ֆաունտէյշըն»-ի «Ուօրլտ Սինեմա Բրոճէքդ» ծրագիրին շնորհիւ՝ համագործակցութեամբ «Հայաստանի Կինոյի հիմնադրամ»-ի եւ «Ռուսիոյ Կոսֆիլմոֆոնտ հիմնադրամ»-ին։ Վերականգնումը իրականացած է շնորհիւ «Մաթիրիըլ Ուորլտ» հիմնադրամի նիւթական աջակցութեան։
Ցուցադրութեան աւարտին՝ Վարդան Աւագեանի (արուեստագէտ) եւ Հիւսէյն Նասրըտտինի (արուեստագէտ) հետ զրոյց

Պատկեր մը «Սայաթ Նովա [Նռան գոյնը»-էն (1969), Սերգէյ Փարաճանով
Ֆրանչեսքօ Անսելմեթի Հարվըրտ համալսարանի մէջ պատմաբանութեան եւ միջինարեւելեան գիտութեան դոկտորականի թեկնածու է։ Որպէս թարգմանիչ աշխատակցած է Շարժայի գեղարուեստի հիմնարկութեան, «Նիւ լեֆթ Ռիվիու»-ի եւ Պաղեստինեան գիտութիւններու հիմնարկութեան մէջ։
Վարդան Աւագեան արուեստագէտ է, որ կ՚աշխատի վիտէոյի, լուսանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ոլորտներուն մէջ։ Ան Պատկերի Արաբական Հիմնարկի խորհուրդի անդամ է։
Նիքոլա Բերետա ֆիլմի բեմադրիչ է, որուն գործերը առօրեան կ՚ուսումնասիրեն կտրատուած եւ թերատ պատումներով՝ օգտագործելով ստեղծաբանական ու վաւերագրական գործիքներ։ Անոր ֆիլմերը ցուցադրուած են զանազան փառատօններու մէջ, ինչպէս՝ Քաննի, Պերլինի, Վենետիկի, Լոքարնոյի, Ռոթերտամի, Թորոնթոյի եւ Սեն Սապասթիանի։ Տարբեր փառատօններու, սինեմայի թատրոններու (cinematheque) եւ արխիւներու մէջ ունի աւելի քան երեսուն յետահայեացներ (retrospectives)։
Արազ Գոճայեանը հետազօտող, յօդուածագիր եւ թարգմանիչ է։ Կատարողական արուեստի եւ տարածութեան սփռման հանդէպ հետաքրքրութիւնը զինք մղեց ուսանելու մարդաբանութեան ճիւղը՝ կեդրոնանալով տուեալ տարածքի մը մէջ մարմնի շարժումներու։ Ան նաեւ ուսանած է հայագիտութիւն՝ կեդրոնանալով սփիւռք-հայրենիք յարաբերութեան վրայ։ Ներկայիս ան անդամ է Բարռեսիա Գոլէքթիվին՝ արուեստագէտներէ եւ ակադեմիկոսներէ բաղկացած կանանց միջազգային խմբաւորումին, եւ Լուցքի Գոլէքթիվին, որ կ՚աշխատի գիտաերեւակայկան գծագրավէպի մը վրայ։
Էտուարտօ Մենզ ֆիլմի բեմադրիչ է, Մոնթրէալի մէջ հաստատուած, Գանատա, ուր ան անդամ է «Տապլ Նեկաթիվ» քոլէքթիվին. քոլէքթիվը բազմաթիւ միջազգային փառատօններու մէջ կը ցուցադրէ միջազգային վաստակ վայելող փորձառական ֆիլմի բեմադրիչներէ գործեր, ինչպէս նաեւ կը ցուցադրէ իր ֆիլմերն ու տեսանիւթերը։ Էտուարտոյի ֆիլմերը միշտ փորձած են խախտել ստեղծագործականը, վաւերագրականը եւ փորձառական ֆիլմ ժանրերը սահմանող գիծերը եւ միահիւսուիլ այդ սահմաններուն հետ։ Իր ֆիլմերն ու տեսանիւթերը ցուցադրուած են աշխարհի տարբեր հռչակաւոր փառատօններու մէջ եւ արժանացած են մրցանակներու՝ Պրուքլինի ֆիլմի փառատօնին, Իլինոյի «Պիկ Մատի»-ին, Միացեալ Նահանգներու «Նեքսթ Ֆրէյմ» շրջուն ֆիլմի փառատօնին, Մոնթրէալի «Լէ ռէօնտէ վու տը սինեմա քըպէքուայ»-ի եւ Թորոնթոյի «Հաթ տոքս էնտ իմէճըզ» փառատօնին մէջ։
Մալաք Մրուուէ ծնած է Նապաթիէ, հարաւային Լիբանան։ Ան ֆիլմի բեմադրիչ եւ մշակութային գործիչ է, որուն գործունէութիւնը կ՚ուսումնասիրէ քուիր մարմիններու, արխիւներու եւ բռնութեան խառնակութիւնը։ Շարք մը կարճամեթրաժ ֆիլմերու միջոցով, Մրուուէ կը հետեւի անհետացման ուրուական մնացորդացին՝ բանակցելով յիշողութեան հետ որպէս վէրք եւ զէնք։
Հայիթեան ծագումով Մոնթրէալ ապրող Միրիամ Շարլը բեմադրիչ, արտադրիչ եւ շարժանկարիչ է։ Արտադրած է շարք մը կարճամեթրաժ եւ լիամեթրաժ ֆիլմեր, ինչպէս նաեւ բեմադրած է շարք մը կարճամեթրաժ ֆիլմեր։ Իր ֆիլմերը ցուցադրուած են Քեպեքի եւ միջազգային զանազան փառատօններու մէջ։ Վերջերս ան աւարտած է բեմադրութիւնը իր առաջին լիամեթրաժ ֆիլմին՝ «Այս տունը»։ Իր գործը կ՚ուսումնասիրէ գաղութատիրութեան ժառանգութեան եւ աքսորի առնչուած թեմաներ։
Զիատ Շաքարուն ծնած է 1982 թուականին, Պէյրութ։ Կ՚ապրի եւ կը գործէ Մատրիտի եւ Պէյրութի մէջ։ Պսակաւոր արուեստիցը ստացած է Լիբանանի պետական համալսարանի գեղարուեստից դպրոցէն, իսկ մաքիստրոսականը՝ սպաներէնէ արաբերէն թարգմանութեան մէջ, Սպանիոյ «Թոլետօ»-ի թարգմանիչներու դպրոցէն։ Որպէս դերասան/կատարող, ան համագործակցած է Լիբանանէն եւ Սպանիայէն արուեստագէտներու հետ, սինեմայի եւ թատրոնի գործերու մէջ. այս ընթացքին, անոր հետաքրքրութիւնը սրած է ժամանակակից ժամանակներուն մէջ բառի/լեզուի օգտագործման եւ մարմնի ու պատկերներու արժէքին նկատմամբ։
Արուեստագէտ, երաժիշտ եւ մանկավարժ Ճօ Նաամէի գործունէութիւնը կը պարփակէ ձայնը եւ անոր պատմութիւնն ու կայացած միջավայրին վրայ ազդեցութիւնը։ Համատեղ աշխատելով հանրային քանդակներու եւ կատարողութիւններու հետ, Նամիի գործերը նկատի կ՚առնեն ձայնի ընկերային կերտուածքն ու անոր հաղորդումը իրականացնող քաղաքական ուժերը։ Բացի այդ, արուեստագէտին գործը քննականօրէն կ՚առնչուի ձայնի կենտերային շարժաբանութեան, գործիքներու տեղաշարժի ուրուագծի եւ լեզուներու միջեւ թարգմանութեան՝ նօթաշարի եւ ձայնի ու գործիքներու եւ շարժումի ու պարի մէջ եղող մարմիններու միջեւ։
Հիւսէյն Նասրըտտին բազմաուսմունքային արուեստագէտ մըն է, որ կ՚ապրի եւ կը գործէ Պէյրութի եւ Փարիզի միջեւ։ Անոր գործերը կը բխին լեզուի շուրջ վարժութենէ մը, որ կը կերտէ փխրուն յուշարձաններ՝ արմատացած հաւաքական պատմութիւններու, քերթուածներու աղբիւրներու, աւերակներու եւ պատկերներու ստեղծման մէջ։ Իր գործերը, կատարումները եւ գրութիւնները ներկայացուած են աշխարհի զանազան թանգարաններու, պիէնալէներու եւ հիմնարկութիւններու մէջ։
Նուր Ուայտա ֆիլմի բեմադրիչ եւ ծրագրաւորող է։ Իր ֆիլմերը կը փորձարկեն սինեմայի գեղարուեստական ստեղծագործութեան տարբեր ձեւերու հետ։ Անդամ է «Քամիլիա» յանձնախումբին՝ Քարին Տումիթի եւ Միրա Ատումիէի հետ, եւ խմբագրակազմի անդամ է Մոնթրէալէն գործող «Հորս Չեմփ» առցանց ֆիլմի պարբերաթերթին։ 2018-2023 թուականներուն, ան եղած է Պէյրութի «Մեթրոփոլիս» սինեմայի ընկերակցութեան համակարգող եւ ապա՝ փոխտնօրէն. այս ընթացքին ան ղեկավարած եւ զարգացուցած է «Սինեմաթիք Պէյրութ» ծրագիրը։ Ան ֆիլմի ծրագրաւորում կը դասաւանդէ Պէյրութի մէջ։
Անտրէա Պուսմանն ծնած է Թորոնթօ, Գանատա։ Մագիստրոսականը (M.A) ստացած է ընկերային մարդաբանութեան մէջ, ինչպէս նաեւ (M.F.A)՝ ֆիլմի արտադրութեան մէջ։ Պասմանն բեմադրած է «Ան՝ որուն դէմքը լոյս չ՚արձակեր» (2021 թ.) ֆիլմը եւ համաբեմադրած՝ «Պատմուածքներ երկու անձերու մասին, որոնք երազեցին»-ի (2016 թ.), որ արժանացած է «Ֆիլմ տը ֆամ» միջազգային փառատօնի լաւագոյն վաւերագրականի մրցանակին։ Իր «Ֆաուսթօ»-ն (2018 թ.) անդրանիկ ցուցադրութեան արժանացած է Լոքարնօ, Թորոնթօ միջազգային եւ «Նիւ Տայրեքթըրզ/Նիւ Ֆիլմզ» ֆիլմի փառատօններուն մէջ։ «Ֆաուսթօ»-ն նաեւ տիրացած է «Մար տէլ բլադա»-ի լաւագոյն լատիներէն ֆիլմի մրցանակին։ 2018 թուականին, Պասմանն շահած է «Տիսքավըրի» մրցանակը՝ Քանատայի բեմադրիչներու արուեստակցական միութենէն։
Ֆիլիփ Ռզք Պերլին բնակող ֆիլմի բեմադրիչ եւ գրող է, Գահիրէէն։ Իր «Դուրսը, փողոցին մէջ» (2015 թ.) ֆիլմին մէջ կ՚օգտագործէ կատարողութիւն, իսկ «Քարտէսագրման դասեր»-ուն (2020 թ.) եւ «Ահաւոր ձայներ»-ուն (2022 թ.) մէջ՝ «սովորականը տարօրինակ դարձնող» մեթոտներով փորձարկութեան առիթ տուող մոնթաժի թեքնիք։ Քայքայուող աշխարհի մը մէջ, Ռըզըքի գործերուն մէջ երեւացող հարցումը կը մնայ՝ «Ինչպէ՞ս մենք զմեզ գալիքին կը պատրաստենք»։ Ռըզըքին գործերուն կրնաք հետեւիլ filfilfilm.com յղումէն։
Սերգէյ Փարաճանով, ֆիլմի բեմադրիչ եւ թատերագիր, ծնած է Թիֆլիս, Խորհրդային Վրաստանի օրերուն։ Ծննդավայրին մէջ հետեւած է երգի ու պարի դասընթացքներու եւ աւելի ուշ յաճախած է Մոսկուայի «Քերասիմով շարժանկարչութեան հիմնարկ»։ Սովետական ժամանաշրջանին, ան աշխատած է Ուքրանիա, Վրաստան, Հայաստան եւ Ազրպէյճան։ Իր գործերը թաթախուած են նշեալ երկիրներու մշակոյթին, աւանդութեան եւ առասպելաբանութեան մէջ եւ գրաւիչ են իրենց արտայայտման եզակի ուժին, անսխալելի իւրայատկութեան, տեսողական բարդ համադրութիւններուն եւ արմատապէս ազատ սինեմայական կերպերու շնորհիւ։ Ֆիլմերուն մէջ թափանցող Փարաճանովի գեղարուեստական համարձակութիւնն ու մշակութային զանազանութիւնը Խորհրդային Միութեան մէջ թշնամանքով ընդունուեցան։ Գրաքննիչներու միջամտութիւններուն յաջորդեցին կեղծ դատավարութիւններ, բանտարկութիւն եւ աշխատանքային արգիլումներ։ Փարաճանով միջազգայնօրէն ճանչցուած է իբրեւ ֆիլմի անզուգական բեմադրիչ եւ 20-րդ դարու եօթներորդ արուեստի ամէնէն ակնառու դէմքերէն մին։
Անայիս Ֆարին «Սինեմաթեք Պէյրութ»-ի մէջ հետազօտութիւններու խորհրդատու է ու Սեն Ժոզեֆ եւ ԱԼՊԱ համալսարաններու մէջ՝ դասախօս։ Իր դոկտորականի թեզը այսպէս կոչուած «Եւրո-միջերկրական երկխօսութեան» եւ անոր ֆիլմային մտացածինին մասին է։ 2016 թուականէն ի վեր, Ֆարին լծուած է «Արաբական այլընտրանքային շարժման» ֆիլմերու ստեղծման եւ քննարկման հաւաքական կիրառութեան ուսումնասիրութեան՝ կեդրոնանալով Պէյրութի «Արապ Սինէ գլապ»-ի պատմութեան։ Անդամ է «Սինէ-Փալասթայն» փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին։

Պատկեր մը «Երեք Ատլաս»-էն (2018), Միրիամ Շարլ