Բազմալեզու Ցանցեր՝ Մեղսակցութիւն եւ Դաւակցութիւն Ֆիլմի Թարգմանութեան մէջ

Ֆիլմի ծրագիրը համադրութեամբ Նուր Ուայտայի

Համագործակցութեամբ «Տաուաուին»-ին եւ «Պատկերի Արաբական Հիմնարկ»-ին | 13-15 Մարտ 2025 | Պէյրութ

Արեւմտահայերէնի թարգմանած է Արազ Գոճայեանը

English | عربية

Պատկերներ «Երեք Ատլաս»-էն (2018), Միրիամ Շարլ

Ենթագիրները1Ենթագիր եզրը ընտրեցինք subtitle-ին թարգմանութեան համար, մինչ յօդուածին մէջ կը խօսինք նաեւ այլ հաւանական թարգմանութիւններու մասին։ միշտ ընկերակցած են դիտողի փորձառութիւններուս։ Քիչ կը պատահէր, որ Լիբանանի սինեմաներու մէջ ցուցադրուող ոչ-արաբերէն ֆիլմերը ձայնային թարգմանութեամբ ըլլային։ Այս իմաստով, անոնք ստիպուած էին ունենալ արաբերէն, ինչպէս նաեւ կա՛մ անգլերէն կա՛մ ֆրանսերէն ենթագիրներ՝ ըստ ֆիլմի լեզուին/ներուն։ Հասակ առած տարիներուս, սինեմայի մէջ դիտած ֆիլմերս միշտ կրկնակի ենթագրուած կ՚ըլլային՝ գրաւելով պաստառին մէկ երրորդը։ Գրութիւնն ու պատկերը տարածք գրաւելու բանակցութեան մէջ կ՚ըլլային տեսողութեանս սահմաններուն մէջ։ Եւ այն օրէն, երբ սկսայ բաւականաչափ արագ կարդալ, սկսայ ետ ու առաջ երթալ, մէկ լեզուէն միւսը ծփալ, չկարենալով տրամադրուիլ մէկ լեզուի։ Քանի որ դպրոցը երեք լեզուներն ալ կը սորվէինք, հարկադրուած կը զգայի հետեւելու թարգմանական ընտրութիւններուն՝ վստահ ըլլալու համար, որ ամէն բան տեղին էր, եւ զիս չէին խաբեր։ Անընդհատ փոխադրուելով՝ լսելու, կարդալու եւ թարգմանելու միջեւ, տեսայ, թէ ինչպէ՛ս ես վերածուեցայ այն տարածքին, ուր լեզուները իրարու հետ կը շփուէին։ Արձանագրեցի ձախողութիւնները, յայտնաբերումներն ու անկարելիութիւնները։ Ուրախացայ այն պահերուն, երբ լեզուները յաջողեցան միասին մեղսակցիլ Աւելի ուշ, հասկցայ, որ թարգմանութիւնը անխուսափելի կորուստի մը հետ սակարկութեան խնդիր է։

Այս բազմալեզու փորձառութիւնս անհեթեթ շրջադարձ մը ապրեցաւ, երբ պատանեկան օրերուս, հայրս, Շանկհայ կատարած աշխատանքային ճամբորդութենէն վերադարձին, ինծի նուիրեց նախասիրած հեռուստայայտագրէս պատճէնահենուած2Երկար փնտռտելէ ետք pirated copy դարձուածքին հայերէնը, որոշեցինք կազմել «պատճէնահենուած» եզրը՝ մեկնելով ծովահէն (pirate) եւ ցանցահէն (hacker) արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող բառերէն, որպէսզի ըսենք՝ ապօրինի կերպով պատճէնահանուած օրինակ։ օրինակ մը։ Անոր 10 եթերաշրջանները երկոտասնեակ խտասալիկներու մէջ ամփոփուած էին (ձեզի կը ձգեմ պատկերացնելու արձանագրութեան որակը) եւ բոլոր էբիզոտները կը պարունակէին չինարէն ենթագիրներ որոնք դրոշմուած էին եւ որոնցմէ ձերբազատուիլ կարելի չէր։ Այս անգամ չէի կրնար թարգմանութեան ճշգրտութիւնը ստուգել։ Այս երկու լեզուներուն յարաբերութեան տարածքը մատչելի չէր ինծի։ Ենթագիրները դադրեցան բառերու եւ իմաստներու արքայութեան պատկանելէ ու դարձան նայած պատկերներուս տեսողական բազմաթիւ տարրերէն մէկը։ Խորքին մէջ, շուտով վերածուեցան տաղտուկի՝ խափանելով տեսադաշտս եւ յամառօրէն յիշեցնելով ինծի այն բոլոր դարձդարձիկ ճանապարհներուն մասին, որոնք այս պատկերները պէտք է առնեն նախքան քովս հասնիլը։  

Անգլերէնով subtitles բառը սովորաբար կը վերաբերի ֆիլմի կամ վիտէոյի բովանդակութեան մէկ լեզուէ միւսին թարգմանութեան։ Ատիկա կրնայ ըլլալ  ձայնային երկխօսութիւններ կամ որեւէ գրութիւն, որ կը յայտնուի պաստառին վրայ կամ պատկերին մէջ։ Ենթագրութիւնը մակագրման (captioning) ձեւ մըն է, գործիք մը՝ որ յատկապէս կ՚օգտագործուի լսելու կարողութիւն չունեցողներուն համար արտագրելու խօսքեր եւ նկարագրելու ձայն ու երաժշտութիւն։ Արաբերէնի մէջ subtitles բառին համատարած թարգմանութիւնը ترجمة­-ն է, որ «թարգմանութիւն» կը նշանակէ։ Նոյնպէս, արեւմտահայերէով կ՚օգտագործուի «թարգմանութիւն» եզրը դիտել տալու համար, որ տուեալ ֆիլմը ունի subtitle-ներ։ Օգտագործուած այլ եզրերը ենթագիրն է (ենթա- (տակ) եւ գիր) կամ տողատակի թարգմանութիւնը։ Տողատակի բառացիօրէն կը նշանակէ տողին տակ3Subtitle բառին տարբեր թարգմանութիւններու ուսումնասիրութիւնը կատարուեցաւ Զիատ Շաքարունին եւ Արազ Գոճայեանին հետ համագործակցաբար։ Ծրագրի բոլոր յօդուածները պիտի ներկայացուին երեք լեզուներով՝ արաբերէն, անգլերէն եւ արեւմտահայերէն՝ Զիատի արաբերէն ու Արազի արեւմտահայերէն թարգմանական ջանքերով։։ Այս եզրերը կ՚արձագանգեն արաբերէն سطرجة-ն, որ سطر՝ գիծ եւ ترجمة՝ թարգմանութիւն բառերուն միաձուլումն է։ Թէեւ այս եզրերը այնքան ալ չեն օգտագործուիր, բայց կ՚ապացուցեն subtitle եզրին՝ իբրեւ պաստառի վարի բաժնին վրայ մէկ տողով գրուած գրութիւն ըլլալը, տարածք մը գրաւած ըլլալու իմաստը փոխանցելու ջանքերը, մինչ միւս կողմէ «թարգմանութիւն»-ը ինքնին չի փոխանցեր վերոնշեալ նրբութիւնները։ Տարածքի առնչուած եւ օրինական յատկանիշները հիմնական են ենթագրութեան մէջ։ Ի դէպ, ենթագիրները կը տեղադրուին պաստառին վարի բաժնին վրայ (հետեւաբար ենթա- նախածանցի գոյութիւնը), որպէսզի չխափանէ պատկերը։ Խորքին մէջ, հայերէնի բացատրական բառարաններուն մէջ ենթագիրը նաեւ կը նշանակէ ոչ-բացայայտ կամ լռելեայն։ Ենթագիր եզրը մեզի կը տանի ֆիլմերու գրաւոր թարգմանութեան ամէնէն հիմնական առաքելութիւններէն մէկուն՝ զգուշօրէն, առանց հանդիսատեսը խանգարելու թարգմանութիւն մատուցելուն։ Այնպէս ինչպէս գիրքի մը ենթագիրը կ՚աւելնայ վերնագրին կողքին՝ յաւելեալ կամ աւելի յստակ տեղեկութիւն տալու գիրքի բովանդակութեան մասին, նոյնպէս ալ ենթագիրներէն պահանջուած է տալ յաւելեալ մատչելիութիւն եւ յստակութիւն։ Անոնցմէ ակնկալուածն է, որ անոնք առաջնահերթութիւն տան ընթեռնելիութեան՝ մնալով անտեսանելի եւ գրաւելով հնարաւորին չափով քիչ տարածք՝ նիւթական թէ աննիւթական։

Ենթագրութեան ճարտարարուեստի զարգացումը կտրականապէս փոխեց ենթագիր-ֆիլմ փոխազդեցութիւնը։ Նախքան թուային հեռարձակումն ու պատճէնահենութիւնը, ենթագիրները ֆիլմի ժապաւէններու վրայ դրոշմուած կ՚ըլլային, ընդմիշտ կտուած ֆիլմի խաւին վրայ։ Հաւանաբար հոսկէ կու գայ ենթագիրներու արաբերէն թարգմանութիւնը որպէս՝ ترجمة في جسم الفيلم, որ կը նշանակէ «ֆիլմի մարմնի մէջ թարգմանութիւն»։ Մեկնելով այս թարգմանութենէն, ենթագրութեան առանձին ֆայլերը (տխրահռչակ .srt ֆայլերը) կրնան նկատուիլ իբրեւ ֆանթոմ ոտքեր ու ձեռքեր՝ տարածուած աշխարհով մէկ տարբեր սըրվըրներու եւ հարտ տիսքերու վրայ։ Ֆիլմին մարմինը այլեւս փակ եւ հերմիտական գոյացութիւն մը չէ, այլ թուային ֆայլերու աճող համաստեղութիւն, որուն միջոցով հազարաւոր լեզուներ կրնան շփումի մէջ մտնել ու ապականել զիրար։ Պատճէնահենուած ենթագիրները հիմնական են այս գործողութեան մէջ, քանի որ անոնք ոչ միայն կը խախտեն մասնագէտ եւ սիրողական թարգմանիչներու միջեւ գոյութիւն ունեցող կարգապետութիւնը, այլ նաեւ կը գործեն ֆիլմերու առած տարբեր ուղղութիւններու իբրեւ փաստ, ինչպէս՝ ինծի նուիրուած հաղորդաշարիս չինարէն ենթագիրները, մինչ անոնք աշխարհի չորս ծայրերը կը ներբեռնուին եւ կը դիտուին4Պատճէնահենուած ֆիլմերու ենթագրութոիւններու աշխարհին մէջ կրնանք հանդիպիլ՝ արհեստավարժ հաստատութիւններու կողմէ, ոչ-մասնագէտ թարգմանիչներու կողմէ եւ նոյնիսկ անհատներու կողմէ տան մէջ անձնական օգտագործման համար պատրաստուած ենթագրութիւններ, որոնք կրնան նաեւ, ազնուաբար, առցանց տրամադրած ըլլալ այլ դիտողներու համար։։

Ենթագիրները առիթ կու տան, որ ֆիլմերը շրջաբերին ժամանակներու, երկրամասերու, մշակոյթներու եւ լեզուներու միջեւ։ Անոնք կը կրեն իրենց ուղղութիւններուն եւ շարժումներուն հետքերը։ Անոնք մատչելիութեան արտօնութիւն կու տան ե՛րբ եւ հո՛ն ուր մատչելիութեան կարիք ըլլայ։ Ենթագիրները նաեւ իշխանութիւն ունին պայմանաւորելու, ձեւաւորելու եւ նոյնիսկ մերժելու մատչելիութիւնը։ Օրինակ, սովորական դարձած է, որ հեռատեսիլէն սփռուող արաբերէն ենթագիրները որեւէ տեսակի ոգելից խմիչքները թարգմանեն միայն մէկ ձեւով՝ مشروب, որ բառացիօրէն կը նշանակէ ըմպելիք։ Թարգմանական այս ընտրութիւնը դիտմամբ կը քօղարկէ ոգելից ըմպելիներու բոլոր վերագրումները եւ կը գործէ կրօնական եւ հասարակական ուժային կառոյցներու կողմէ պարտադրուած բարոյականութեան համաձայն, որ կ՚իշխէ ֆիլմը բաշխող հաստատութեան թիրախաւորած շուկային վրայ, այս պարագային հիմնականօրէն Ծոցի շրջանը, արեւելեան երկիրները եւ Եգիպտոսը։ Հոս, ենթագիրները կը դաւաճանեն ֆիլմերը, ֆիլմի գործիչները եւ դիտողները իրենց դէմ դաւադրելով՝ դիտումնաւորապէս իմաստը ջնջելու, խեղաթիւրելու եւ գրաքննելու ճամբով։ Ենթագիրները հետեւաբար կրնան կա՛մ հիւրընկալութեան կա՛մ բռնութեան եղանակ ըլլալ՝ զանոնք դարձնելով հաւանական դիմադրութեան վայր մը։ Կը մտածեմ, օրինակ, Ճուրա Ապուտայի եւ Ալան Պոննամիի «Ալին Հրաշքներու Աշխարհին մէջ» (1975 թ.) եւ Մետ Հոնտոյի «Արաբներ-Խափշիկներ, Ձեր Դրացիները» (1974 թ.) ֆիլմերուն մասին, երկու ֆիլմեր, որոնք կը հետազօտեն 1970-ականներու Ֆրանսայի մէջ գաղթական բանուորներու փորձառութիւններն ու կենսապայմանները։ Ապուտա եւ Պոննամի կը մերժեն ենթագրել ֆրանսերէն խօսակցութիւնը ալճերացի գաղթական բանուորին, որ ալճերիական ֆրանսերէնի յատուկ առոգանութիւն եւ ոճ ունի։ Նոյնպէս, ամբողջ արաբերէն բաժին մը անթարգման մնացած է «Արաբներ-Խափշիկներ, Ձեր Դրացիները» ֆիլմին մէջ։ Այս ընտրութիւնները կը ցոլացնեն թէ՛ քաղաքական յստակ կեցուածք թէ՛ տնտեսական եւ պիւտճէական լոյսին ներքեւ առնուած որոշումներ։ Այսպիսով, ֆիլմի բեմադրիչները ընթեռնելիութիւնը չեն համարեր որպէս իրենց ֆիլմի ընդունելութեան հիմնական չափանիշ, այլ նախապատուութիւն կու տան այդ լեզուներն ու շեշտաւորումները հասկցող հանդիսատեսներու միջեւ եղած/ըլլալիք շրջանառութեան5Այս մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար, կարդալ ֆիլմի բեմադրիչ եւ արխիւագէտ Անապէլ Ավենդուրինի եւ ցուցադրութիւններու համադրող եւ հետազօտող Լէա Մորինի զրոյցը նշեալ ֆիլմերուն իրենց կատարած վերականգման աշխատանքին մասին « Non-Aligned Film Archives» [Ֆիլմի Չհաւասարեցուած Արխիւներ] յօդուածին մէջ որ լոյս տեսած է Դեկտեմբեր 2021 The Living Journal-ի երրորդ թիւին մէջ՝ «Բաց Քաղաք» վաւերագրականի փառատօնին առիթով, խմբագրութեամբ Օլիվիէ Մարպէոֆի եւ Անա Վազի։ Ավենդուրինն ու Մորինը կը խօսին ֆիլմերու թուայնացման եւ վերականգման ժամանակ ենթագիրներու ընտրութեան եւ քաղաքական կեցուածքներուն պահպանման բարդութիւններուն մասին։ Այս ծիրին մէջ, Մորին կը պնդէ այն իրողութեան վրայ, որ ֆիլմի վերականգման նպատակը ֆիլմը աւելի ընթեռնելի փորձառութեամբ հրամցնելը չէ, այլ առաւելագոյն չափով ֆիլմի գործիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ ինքնին գործին, մտադրութիւնները վերակազմաւորելն է՝ այնպէս ինչպէս եղած էր ֆիլմի ստեղծման պահուն։ Յօդուածը կրնաք կարդալ այս յղումէն՝ https://opencitylondon.com/non-fiction/issue-3-space/non-aligned-film-archives/։ Այս հանդիսատեսները, հետեւաբար, կը յայտնուին ֆիլմի եւ ֆիլմի գործիչներու հետ դաւակցութեան մենաշնորհման իրավիճակի մէջ, քաղաքական դրդապատճառներով ենթագիրներու ընտրութիւնը դարձնելով լեզուական ճնշման դէմ պայքարի ընդլայնում։

«Բազմալեզու Ցանցեր՝ Մեղսակցութիւն եւ Դաւակցութիւն Ֆիլմի Թարգմանութեան մէջ» ֆիլմի ծրագիրը հանդիսատեսը կը հրաւիրէ անցնելու ֆիլմերու թարգմանութեան եւ ենթագրութեան եղանակներու ընդմէջէն՝ խորանալով դիտողներուն, բեմադրիչներուն եւ նկարահանուածին միջեւ անոնց ստեղծած մեղսակցութեան եւ դաւադրութեան տարածքներուն մէջ։ Թարգմանութեան ակտին ժամանակ պատահած անխուսափելի կորուստը որպէս մեկնակէտ առնելով, այս ծրագրի ֆիլմերը ենթագիրներու տարածքները անվիճելի չեն ձգեր։ Ընդհակառակը, անոնք կ՚ընկալեն զանոնք որպէս փորձարկումի առարկայ՝ արտադրելով բազմալեզու փորձառութիւններ, որոնք կը բանակցին ենթագիրներու ընթեռնելի ու սեղմ մնալու պահանջներուն հետ։ «Պատմուածքներ Երկու Անձերու Մասին, Որոնք Երազեցին» (2016 թ.) ֆիլմը կը ներկայացնէ Թորոնթոյի մէջ ապաստարան փնտռող հունգարացի գնչու գաղթական ընտանիք մը։ Լեզուն եւ թարգմանութիւնը դնելով այս ընտանիքին՝ իր նոր շրջապատին հետ փոխյարաբերութեան կիզակէտին, ֆիլմի բեմադրիչ Անտրէա Պուսմաննը եւ Նիքոլա Բերետան կը կեդրոնանան անկարելի հաղորդակցութեան պահերուն վրայ, որոնք երեւան կը հանեն տեղահանութեան եւ գաղթի փորձութիւններու պարզած անհեթեթութիւնն ու տարօրինակութիւնը։ Ճօ Նաամէի «Մանիշակագոյն, Թարգմանութեան Մէջ Մարմիններ» (2017 թ.) ֆիլմով հանդիսատեսը կը հրաւիրուի պատերազմի եւ բռնութեան վկայութիւններու թարգմանութեան եւ ենթագրութեան բարդութիւններուն եւ հակասութիւններուն մէջ խորամուխ ըլլալու։ جٌرِن أٌوكّرِيد [Հողի Ունկնդրութիւն] (2025 թ.) իր նոր գործին մէջ, Ֆիլիփ Ռզք կ՚առաջարկէ ֆիլմը որպէս անհետացող լեզուի խօսակցական ձեւը պահպանելու եւ վերականգնելու ընդունակ տարածք մը։ Միեւնոյն ժամանակ, Էտուարտօ Մենզի Las Mujeres de Pinochet [Փինոշէի Կիները] (2004 թ.) ֆիլմի ձայնի եւ պատկերի անջատումը ենթագիրները կը վերածէ բռնապետի մը ռեժիմի դաժանութեան հետաքննութեան վայրի մը։ Միրիամ Շարլի Drei Atlas­-ի [Երեք Ատլաս] (2018 թ.) մէջ, ոճիրի մը կասկածանքով կնոջ մը ոստիկանական հարցաքննութիւնը թիւր ընթացք մը կ՚առնէ, երբ լեզուն եւ հաղորդակցութիւնը կը ձախողին պատահած գերբնական դէպքի մը նկարագրութիւնը կատարելէ։ Վերջապէս, «Սայաթ Նովա» (1969 թ.) ֆիլմին մէջ, Սերգէյ Փարաճանովի նկարագրութիւնը՝ 18-րդ դարու հայ բանաստեղծին եւ աշուղին, պիտի ցուցադրուի արաբերէն ենթագիրներով՝ կատարուած յատուկ կերպով այս առիթին համար Վարդան Աւագեանի եւ Հիւսէյն Նասրըտտինի կողմէ։ Ֆիլմի հայերէն բնագրէն արաբերէնի այս պատշաճեցումը փորձ մըն է թարգմանութեան միջոցով վերահաստատելու Արեւմտեան Ասիոյ մէջ լեզուաբանական, պատմական եւ մշակութային կապերը, որոնք անտեսանելի կամ նոյնիսկ անկարելի կը թուին ըլլալ այսօր։  

Ենթագիրները մեղսակցութեան եւ դաւակցութեան միջեւ դիւրաբեկ տարածքի մը մէջ կը գտնուին։ Կրնան գործել որպէս մեղսակիցներ՝ ընդդիմանալով բնաջնջման, պահպանելով ճնշուած, լուսանցքայնացած ձայները եւ ուղեկցելով դիտողին՝ դէպի միասնական հասկացութիւն։ Այնուամենայնիւ, կրնան նաեւ դաւակցիլ՝ ջնջելով եւ կեղծելով իմաստներ, որպէսզի ծառայեն քաղաքական, մշակութային եւ լեզուական ծաւալապաշտական օրակարգերու։ Իրենց այս երկակի դերակատարութեան մէջ, ենթագիրները մեզի կը յիշեցնեն, որ թարգմանութիւնը բնաւ չէզոք չի կրնար ըլլալ՝ ան բեռնաւորուած եւ ստեղծագործական ակտ է, երեւակայութեան, ընդդիմութեան, խզման, բանակցութեան եւ համագործակցութեան տարածք է։ Փիլիսոփայ եւ մտաւորական Էտուար Կլիսսանն էր ըսողը՝ «Կը գրեմ աշխարհի բոլոր լեզուներու ներկայութեամբ»։ Այս անպայմանօրէն չի նշանակեր քանի մը լեզուներ խօսիլ, այլ առաւելաբար կը նշանակէ այլ լեզուներու ներկայութեան գիտակից ըլլալ, թէկուզ անձնապէս չխօսինք կամ չգիտնանք լեզուն։ Ենթագիրները կը պարգեւեն բազմալեզու փորձառութիւններ՝ որոնք կը հեռանան ամբողջական եւ յստակ ընկալումէն, փորձառութիւններ՝ որոնց մէջ իմաստի նոր հաւանականութիւններ կը յառաջանան՝ ձեւափոխելով ինչպէ՛ս կը տեսնենք, կը լսենք եւ կը յարաբերինք աշխարհին եւ իրարու հետ։

Ծրագիրը կ՚իրականանայ շնորհիւ «Մուֆրատաթ»-ի արուեստագէտներ ծրագիրներու ֆոնտի նիւթական աջակցութեան

ֆիլմերուն մասին յաւելեալ մանրամասնութեան համար՝

  • 1
    Ենթագիր եզրը ընտրեցինք subtitle-ին թարգմանութեան համար, մինչ յօդուածին մէջ կը խօսինք նաեւ այլ հաւանական թարգմանութիւններու մասին։
  • 2
    Երկար փնտռտելէ ետք pirated copy դարձուածքին հայերէնը, որոշեցինք կազմել «պատճէնահենուած» եզրը՝ մեկնելով ծովահէն (pirate) եւ ցանցահէն (hacker) արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող բառերէն, որպէսզի ըսենք՝ ապօրինի կերպով պատճէնահանուած օրինակ։
  • 3
    Subtitle բառին տարբեր թարգմանութիւններու ուսումնասիրութիւնը կատարուեցաւ Զիատ Շաքարունին եւ Արազ Գոճայեանին հետ համագործակցաբար։ Ծրագրի բոլոր յօդուածները պիտի ներկայացուին երեք լեզուներով՝ արաբերէն, անգլերէն եւ արեւմտահայերէն՝ Զիատի արաբերէն ու Արազի արեւմտահայերէն թարգմանական ջանքերով։
  • 4
    Պատճէնահենուած ֆիլմերու ենթագրութոիւններու աշխարհին մէջ կրնանք հանդիպիլ՝ արհեստավարժ հաստատութիւններու կողմէ, ոչ-մասնագէտ թարգմանիչներու կողմէ եւ նոյնիսկ անհատներու կողմէ տան մէջ անձնական օգտագործման համար պատրաստուած ենթագրութիւններ, որոնք կրնան նաեւ, ազնուաբար, առցանց տրամադրած ըլլալ այլ դիտողներու համար։
  • 5
    Այս մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար, կարդալ ֆիլմի բեմադրիչ եւ արխիւագէտ Անապէլ Ավենդուրինի եւ ցուցադրութիւններու համադրող եւ հետազօտող Լէա Մորինի զրոյցը նշեալ ֆիլմերուն իրենց կատարած վերականգման աշխատանքին մասին « Non-Aligned Film Archives» [Ֆիլմի Չհաւասարեցուած Արխիւներ] յօդուածին մէջ որ լոյս տեսած է Դեկտեմբեր 2021 The Living Journal-ի երրորդ թիւին մէջ՝ «Բաց Քաղաք» վաւերագրականի փառատօնին առիթով, խմբագրութեամբ Օլիվիէ Մարպէոֆի եւ Անա Վազի։ Ավենդուրինն ու Մորինը կը խօսին ֆիլմերու թուայնացման եւ վերականգման ժամանակ ենթագիրներու ընտրութեան եւ քաղաքական կեցուածքներուն պահպանման բարդութիւններուն մասին։ Այս ծիրին մէջ, Մորին կը պնդէ այն իրողութեան վրայ, որ ֆիլմի վերականգման նպատակը ֆիլմը աւելի ընթեռնելի փորձառութեամբ հրամցնելը չէ, այլ առաւելագոյն չափով ֆիլմի գործիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ ինքնին գործին, մտադրութիւնները վերակազմաւորելն է՝ այնպէս ինչպէս եղած էր ֆիլմի ստեղծման պահուն։ Յօդուածը կրնաք կարդալ այս յղումէն՝ https://opencitylondon.com/non-fiction/issue-3-space/non-aligned-film-archives/