فهم ما لا يقال
Բազմալեզու Ցանցեր
Complicity and Conspiracy in Film Translation

«Բազմալեզու Ցանցեր՝ Մեղսակցութիւն եւ Դաւակցութիւն Ֆիլմի Թարգմանութեան մէջ» ֆիլմի ծրագիրը հանդիսատեսը կը հրաւիրէ անցնելու ֆիլմերու թարգմանութեան եւ ենթագրութեան եղանակներու ընդմէջէն՝ խորանալով դիտողներուն, բեմադրիչներուն եւ նկարահանուածին միջեւ անոնց ստեղծած մեղսակցութեան եւ դաւադրութեան տարածքներուն մէջ։ Թարգմանութեան ակտին ժամանակ պատահած անխուսափելի կորուստը որպէս մեկնակէտ առնելով, այս ծրագրի ֆիլմերը ենթագիրներու տարածքները անվիճելի չեն ձգեր։ Ընդհակառակը, անոնք կ՚ընկալեն զանոնք որպէս փորձարկումի առարկայ՝ արտադրելով բազմալեզու փորձառութիւններ, որոնք կը բանակցին ենթագիրներու ընթեռնելի ու սեղմ մնալու պահանջներուն հետ։
Համադրողական գրութիւնը ամբողջութեամբ կարդալ արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով | «Տաուաուին»-ի մատենագիտութիւնը թերթատել | Պատկերի Արաբական Հիմնարկի խօսքը կարդալ | Սերգէյ Փարաճանովի «Սայաթ Նովա» գործին թարգմանութեան մասին երեք նշումներ
Համադրութեամբ՝ Նուր Ուայտայի | Համագործակցութեամբ՝ «Տաուաուին»-ին եւ «Պատկերի Արաբական Հիմնարկ»-ին | Արաբերէն թարգմանութիւն՝ Զիատ Շաքարունի | Արեւմտահայերէն թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի | Անգլերէն թարգմանութիւն եւ վերանայում՝ Ֆրանչեսքօ Անսելմեթիի | Տեսողական աշխատութիւն՝ Հիւսէյն Նասրըտտինի | Գրութիւններու վերստուգում՝ Սարակ Փայլեանի, Րաֆֆի Տուլեանի եւ Միրա Ատումիէի | Ծրագիրը կ՚իրականանայ շնորհիւ «Մուֆրատաթ»-ի արուեստագէտներ ծրագիրներու ֆոնտի նիւթական աջակցութեան | Շնորհակալութիւն՝ Լայլա Հիտային, Քրիսթել Խուրիին, Շանթալ Փարթամեանին, Ղալաս Շարարային, Շաղիկ Արզումանեանին, Վահէ Թաշճեանին

Պատկեր մը «Մանիշակագոյն, Թարգմանութեան Մէջ Մարմիններ»-էն (2017), Ճօ Նաամէ
ԾՐԱԳՐ
ֆիլմերուն մասին յաւելեալ մանրամասնութեան համար՝
Հինգշաբթի, 13 մարտ 2025, 19:30
Պատմուածքներ Երկու Անձերու Մասին, Որոնք Երազեցին | Անտրէա Պուսմանն եւ Նիքոլա Բերետայի
2016 | Քանատա, Մեքսիքօ | 82’ | հունգարերէն, անգլերէն ենթագրութեամբ
Ցուցադրութեան աւարտին՝ Նուր Ուայտայի (ծրագրի համադրող) եւ Ռամի Սապպաղի (Տաուաուին) հետ զրոյց
Ուրբաթ, 14 մարտ 2025, 19:30
Մանիշակագոյն, Թարգմանութեան Մէջ Մարմիններ | Ճօ Նաամէի
2017 | Լիբանան | 20’ | անգլերէն, արաբերէն ենթագիրներով
جٌرِن أٌوكّرِيد [Հողի Ունկնդրութիւն, Պէյրութի տարբերակ] | Ֆիլիփ Ռզքի
2025 | Եգիպտոս | 11’ | ֆատիժժա/մահասի նուպիերէն, արաբերէն թարգմանութեամբ |
Փինոշէի կիները | Էտուարտօ Մենզի
2004 | Քանատա | 12’ | սպաներէն, անգլերէն ենթագրութեամբ
Տրէյ Աթլաս [Երեք Ատլաս] | Միրիամ Շարլի
2018 | Հայիթի, Գանատա | 7’ | գերմաներէն եւ քրէոլերէն, անգլերէն ենթագրութեամբ
Ցուցադրութեան աւարտին՝ առցանց զրոյց Ֆիլիփ Ռզքին եւ Վարդան Աւագեանի (արուեստագէտ) հետ
Շաբաթ, 15 մարտ 2025, 17:00
Դաւադրութիւններ եւ Դաւակցութիւններ. լեզուի, թարգմանութեան, մատչելիութեան եւ շրջառութեան մասին զրոյց
Մալաք Մրուուէ (ՊԱՀ), Սառա Սահնաուի եւ Ռամի էլ Սապպաղ (Տաուաուին), Անայիս Ֆարին (հետազօտող եւ ֆիլմաշխատող), Վարդան Աւագեան եւ Հիւսէյն Նասրըտտին (արուեստագէտներ), Արազ Գոճայեան (հետազօտող), զրուցավար՝ Նուր Ուայտա (ծրագրի համադրող)
Շաբաթ, 15 մարտ 2025, 19:30
Սայաթ Նովա [Նռան գոյնը | Սերգէյ Փարաճանովի
1969 | Խորհրդային Միութիւն | 76’ | հայերէն, արաբերէն ենթագիրներով
Ցուցադրութեան աւարտին՝ Վարդան Աւագեանի (արուեստագէտ) եւ Հիւսէյն Նասրըտտինի (արուեստագէտ) հետ զրոյց